2016-05-04 08:37:00

6 Մայիսին` 23 Զուիցերացի նոր պահակներու հաւատարմութեան երդման արարողութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանը` աշխարհի ամենափոքր պետութիւնը­, ունի աշխարհի ամենահին բանակը` Զուիցերական պահակագունդը։ Յառաջիկայ 5 և 6 Մայիսին, նախատեսուած են համերգ մը, աղօթքի հսկում եւ պատարագի արարողութիւն։

Երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Աթոռի ներքին գործոց նախարարի ներկայութեամբ` Սան Տամազօ հրապարակին վրայ։ Արարողութեան ներկայ կը գտնուի նաեւ  Զուիցերիոյ դաշնակցային նախագահը` Johann Schneider-Ammann։

Յայտնենք թէ` 6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի թալանումի ընթացքին զուիցերացի 147 պահակներ, իրենց կեանքը կորսնցուցին` պաշտպանելու համար Կղեմես Է Պապը և 42 պահակներ Կղեմես Պապին հետ միասին, ապաստանեցան ''Քասթել Սանդ Անճելօ -   Սուրբ Հրեշտակ'' կոչուած դղեակը, պաշտպանելու համար Քահանայապետին կեանքը։

Ներկայիս Զուիցերական պահակագունդը կ´երաշխաւորէ Սրբազան Պապին անմիջական պաշտպանութիւնը, հսկելով Վատիկանի բոլոր մուտքերու վրայ։ Զուիցերական պահակագունդի մարմնին մաս  կազմելու համար հարկաւոր է ըլլալ Զուիցերացի Քաղաքացի, Կաթողիկէ, Զուիցերական բանակին մէջ ծառայութիւն մատուցել, 18 - 30 տարեկան ըլլալ, ունենալ առ նուազն 174 սմ հասակ, ամուրի, եւ ունենալ ուսման բարձրագոյն վարժարանի վկայական։ Զուիցերական պահակագունդը կազմուած է առ այժմ 110 զուիցերացի կաթողիկէ այրերէ։  Անոնց զինուորագրութիւնը կը տեւէ երկու տարի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.